2014-05-01 08:43:25

Մայիս 2014-ի` Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ կը ստանձնեն ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։

2014-ի Մայիս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.

Որպէս ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի ընկերային հաղորդամիջոցները ըլլան ճշմարտութեան ու խաղաղութեան ի սպաս գործիքներ''։
Իսկ որպէս ''աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` '' Որպէսզի Մարիամ, Աւետարանութեան Աստղը, առաջնորդէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Քրիստոսը հռչակելու ժողովուրդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.